ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ԱՄՆ-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն վրայ։ Մինչ ամբողջ հայաշխարհը մտահոգութեամբ, տագնապած կը հետեւի Հայաստանի ենթարկուած յարձակումներուն, Պերճ Սեդրակեանի այս նախաձեռնութիւնը թարգման կը հանդիսանայ անոր սպասումներուն։

Բացի Պերճ Սեդրակեանի այս նամակէն, հայ իրականութեան ամենամեծ, աշխարհատարած այս բարենպատակ հաստատութիւնը վերջին օրերուն Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումներու շուրջ յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս յայտարարութիւնով կազմակերպութիւնը դատապարտած է Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումները եւ կոչ ուղղած՝ միասնականութեան համար։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։

Սեպտեմբերի 13-ի կէսգիշերէն սկսեալ, Ատրպէյճան խտացեալ ռազմական գործողութիւններ կ՚իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ Ջերմուկ, Գորիս, Կապան քաղաքներուն եւ Սոթք, Արտանիշ եւ Իշխանասար գիւղերուն դէմ։ Ատրպէյճանի ակրեսիւ գործողութիւններուն հետեւանքով Հայաստանի զինեալ ուժերը տուած են արդէն զգալի թիւով զոհեր։ Տեղի ունեցածը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը դարձեալ վտանգուած են։

ՀԲԸՄ 2020 թուականի Արցախի պատերազմէն եւ կնքուած եռակողմանի հրադադարէն ի վեր քաջատեղեակ է, որ Ատրպէյճանի նմանօրինակ ու պարբերական պատերազմական գործողութիւններու եւ միջազգային չափանիշներու խախտման ետին ի՛նչ օրակարգ թաքնուած է։ Մենք նաեւ կը գիտակցինք, թէ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումները ի՛նչ մարդկային կորուստներու կրնան յանգեցնել։ Ուստի, կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան, աշխարհասփիւռ հայութեան եւ բարի կամքի տէր անհատներուն՝ միաւորուիլ ու պայքարիլ Ատրպէյճանի ապօրինի գործողութիւններուն դէմ։ Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի ռազմական բռնութիւնը միտուած է Հայաստանի սահմանամերձ համայնքները թիրախաւորելով տարածաշրջանէն ներս գերիշխող դիրք գրաւելու։

Հետեւաբար, վերոյիշեալ աղէտը կանխելու համար առաջնային է ներքին քաղաքական պառակտումներն ու անհամաձայնութիւնները անյապաղ մէկ կողմ դնել։ Կոչ կ՚ուղղենք մեր հայրենակիցներուն՝ համախմբուիլ եւ ուժերն ու միջոցները լիակատար օգտագործել հայրենիքի գոյութեան սպառնացող այս վտանգը դիմակայելու համար։ ՀԲԸՄ, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, պատրաստակամ է ներդնել իր ամբողջ ներուժը՝ ի նպաստ ազգի եւ պետութեան բարօրութեան։

Բաժնելով մեր հայրենակիցներու վիշտը՝ խորապէս կը ցաւակցինք Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով նահատակուած զինուորներու եւ քաղաքացիներու հարազատներուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2022