ԺՈՐԺ ՔԵՓԵՆԷՔԵԱՆ ԼԻՈՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Ֆրանսահայ բժիշկ, հասարակական-քաղաքական գործիչ Ժորժ Քեփենէքեան պաշտօնապէս առաջադրեց իր թեկնածութիւնը՝ Լիոնի քաղաքապետ դառնալու համար։ Հարկ է նշել, որ յաջորդ տարի Ֆրանսայի մէջ նախատեսուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնց ժամանակ Ժորժ Քեփենէքեան Լիոնի քաղաքապետի թեկնածու պիտի ըլլայ։ Ան այժմ Լիոնի քաղաքապետ Ժերար Քոլոնի առաջին տեղակալն է եւ մօտաւոր անցեալին միջոց մը պաշտօնավարած էր նաեւ Լիոնի քաղաքապետ, երբ Ժերար Քոլոն ստանձնած էր Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը։ Քոլոնի նախարարի պաշտօնէն հրաժարելէն վերջ Քեփենէքեան յօժարաբար քաղաքապետի պաշտօնէն քաշուած էր։

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, Ժորժ Քեփենէքեան, որ նախկին վիրահատ մըն է, Լիոնի մէջ կ՚ուզէ թերթել «Քոլոնական» տարիներու էջը։ «Մեծապէս կը գնահատեմ Ժերար Քոլոնի եւ անոր հետ աշխատած խումբի 20-ամեայ ջանքերը, որոնք վերափոխեցին քաղաքը։ Բայց կարծեմ այսօր պահը հասած է նոր բան մը առաջարկելու», յայտարարած է Քեփենէքեան։

Լիոնի եւ յարակից մեծն շրջանի «մեթրոփոլ» նախագահ Տաւիտ Քիմելֆելտն ալ, որ երկար տարիներու բարեկամութիւն մը ունի Քեփենէքեանի հետ, ընտրարշաւին ընդառաջ յայտնած է իր զօրակցութիւնը անոր թեկնածութեան համար։

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2019