Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԱՅՍ ՈՒՐԲԱԹ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ՊԻՏԻ ԳԱՅ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս ուրբաթ պիտի գայ Իսթանպուլ։ Երէկ, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արարատ Միրզոյեան Իսթանպուլ պիտի գայ՝ մասնակցելու համար «3+3» ձեւաչափի նախարարներու երրորդ հանդիպման։
Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով խորհրդակցական հարթակի առաջին նիստը տեղի ունեցած էր 2021 թուականի դեկտեմբերին։ Երկրորդ նիստը տեղի ունեցած էր Թեհրանի մէջ։ Այժմ, երրորդ նիստը նախատեսուած է Թուրքիոյ տանտիրութեամբ։ Նախապէս եւս այս ժողովի հաւանականութեան մասին խօսուած էր, սակայն աւելի վերջ յետաձգուած։ Այժմ, յայտնի է, որ արդէն պայմանները գոյացած են «3+3» ձեւաչափի նախարարներու հերթական ժողովը կազմակերպելու համար։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2024