ՓՐՈՖԵՍԷՕՐԻ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԿՈՉՈՒՄ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ յայտնի ատամնաբոյժ Թորոս Ալճան  նուաճած է փրոֆեսէօրի կոչում։

Թորոս Ալճան մեր համայնքի ամենածանօթ անուններէն մին է՝ որպէս Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ։ Ան միեւնոյն ժամանակ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչն է։ Թորոս Ալճան վերջին տարիներուն իր զբաղեցուցած վարչական պաշտօններով առարկայ դարձած է մեր համայնքի ընդհանրապէս հանրային կարծիքի ուշադրութեան։ Բայց եւ այնպէս, բոլոր անոնք, որոնք մօտէն կը ճանչնան զինքը՝ տեղեակ են, որ ան իր ասպարէզին մէջ ալ իսկական հեղինակութիւն մըն է։ Թորոս Ալճան մեր երկրի ամենայայտնի ատամնաբոյժներէն մին է եւ մասնաւորապէս օրթոտանթիի գետնի վրայ ունի մեծ համբաւ ու կը վայելէ մեծ վարկ։ Այս բնագաւառին մէջ իր ձեռք բերած համբաւը միայն Թուրքիայով ալ սահմանափակուած չէ, որովհետեւ միջազգային գետնի վրայ ան կը ծաւալէ բեղուն գործունէութիւն։ Որպէս գիտնական՝ մասնակցութիւն կը բերէ միջազգային զանազան հաւաքներու։ Գիտաժողովներու մասնակցելու առընթեր Ալճան կը դասաւանդէ համալսարանի մէջ ու կը հասցնէ երիտասարդ մասնագէտներ։ Ակադեմական իր գործունէութեան մէջ Թորոս Ալճան աննկատ չի թողուր նաեւ Հայաստանը։ Իր մասնագիտութեան վերաբերեալ ան կը դասաւանդէ նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր մասնակցութիւն կը բերէ զանազան գիտաժողովներու եւ մասնագիտական հաւաքներու։

Տասնամեակներէ ի վեր իր ծաւալած բեղուն գործունէութեան ի շարունակութիւն Թորոս Ալճան վերջերս արժանացած է փրոֆեսէօրի կոչման։ Այս իրադարձութիւնը ստեղծած է շատ դրական արձագանգ եւ մեծ ուրախութեամբ ընկալուած՝ համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Ինչպէս միւս գիտական ճիւղերու պարագային, այնպէս ալ բժշկութեան մէջ դարերէ ի վեր բազմաթիւ հայեր լուրջ նպաստ բերած են մեր երկրի զարգացման։ Դարերու հոլովոյթին մէջ կարելի է թուարկել բազում անուններ, որոնք դարձած են պատմութեան սեփականութիւնը։ Թորոս Ալճանի փրոֆեսէօր դառնալով այդ շղթային վրայ կու գայ աւելնալ հերթական օղակը։ Խորհրդանշական այդ փաղանգը կը համալրուի նոր ու եզակի դէմքով մը, որու գիտական աշխատանքին արդիւնքը պարծանքի համազօր է մեր համայնքին տեսակէտէ։

Թորոս Ալճան անուն մըն է, որ իր կեանքի ողջ տեւողութեան եղած է մեր համայնքին մէջ, մեր համայնքին հետ։ Եոզղատցի ընտանիքի մը շառաւիղն է ան, որ հասած է Գարակէօզեան Տունէն եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքէն։ Համալսարանի ուսումը յաջողութեամբ աւարտելէ վերջ նոր հարթութեան մը վրայ դրած է կեանքի ընթացքը եւ ունեցած՝ լուրջ նուաճումներ։ Իւրաքանչիւր քայլափոխին Թորոս Ալճան անշուշտ իր մէջ ապրած է նոր յաջողութիւններու հրճուանքը, սակայն երբեք երախտագիտական առումով չէ թերացած իր համայնքին նկատմամբ։ Այդ նոյն զգացումներով այսօր ծառայութիւն կը բերէ մեր համայնքին՝ գլխաւորելով Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը։ Ակադեմական կեանքէ ներս ծաւալած գործունէութեան զուգահեռ՝ ան մասնագիտական գործունէութիւնը կը շարունակէ նաեւ «Ալլիանօի» ատամնաբուժական յայտնի դարմանատան երդիքին տակ։ Մինչ այդ, կը տեղեկանանք, որ փրոֆեսէօրի կոչում ստանալու բերումով Թորոս Ալճան շնորհաւորական մը ստացած է Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։ 

Այս ուրախ առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Փրոֆ. Թորոս Ալճանը, որուն կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017