ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Նախարար Չավուշօղլու օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Իպրահիմ Ռաիսիի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն առընթեր օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ տարածաշրջանային իրավիճակը։ Ռաիսի նշեց, որ տարածաշրջանը ի վիճակի է լուծել սեփական խնդիրները՝ առանց արտաքին միջամտութեան։ Արդարեւ, արտաքին միջամտութիւնները անկայունութեան եւ լարուածութեան պատճառ կը դառնան։ Ան մատնանշեց նաեւ Հարաւային Կովկասի պարագան՝ յայտնելով, որ պատմական կապեր գոյութիւն ունին Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, անոնք կը բաժնեն նաեւ կրօնական կապեր, ուստի պէտք չէ թոյլ տալ, որ որոշ օտար շարժումներ արատաւորեն իրենց յարաբերութիւնները։ Ան նկատի ունեցած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Ատրպէյճանի եւ Իրանի առկայ լարուածութիւնը՝ Իսրայէլ-Ատրպէյճան կապերուն պատճառով։ «Էլ Ճեզիրէ»ի հաղորդումներով, իր կարգին, Չավուշօղլուն ալ նշած է, որ Անգարա կը փափաքի զարգացնել յարաբերութիւնները Թեհրանի հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիա կը ձգտի Իրանի հետ աշխատիլ՝ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութիւն ապահովելու եւ առեւտուրը բարելաւելու համար։ Ան ողջունեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման ուղղեալ համագործակցութիւնը։

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Չավուշօղլուի եւ Ապտուլլահիանի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Այս առթիւ նախարարները մատնանշեցին, որ կողմերը որդեգրած են երկարաժամկէտ համագործակցութեան ճանապարհային քարտէս մը։ Անգարա-Թեհրան համատեղ օրակարգին վրայ այժմ առանցքային տեղ կը զբաղեցնեն Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները եւ Սուրիոյ տագնապը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2021