Հինգշաբթի 23, Յունուար 2025
ՄԻԱՅՆ ՈՒԶԱԾԸ ԼՍԵԼ
Մարդ չի կրնար լրիւ մեկուսացած, ամբողջութեամբ առանձին ապրիլ։ Աճելու բնազդը այս առումով շատ բան կը բացատրէ։ Մարդ արարածը կրնայ լիարժէք գոյատեւել իր նմաններուն հետ՝ ինչպէս բնութեան այլ բազում տարրերը։ Միայն թէ, կ՚երեւի, բնութեան մէջ մարդը միակն է, որ նմաններուն հետ անհաղորդ զգալու հարցը ունի։ Այո՛, թէկուզ կարելի է սա բացատրել այն հանգամանքով, որ մարդը բնութեան միակ բանական էակն է, բայց այդ՝ նմաններուն հետ անհաղորդ զգալու հարցին դրսեւորումները շատ յաճախ կը յորդին բանականութեան սահմաններէն։ Մարդը երբեմն այնքան բարդ է, որ կը բարդացնէ նախ եւ առաջ ի՛ր իսկ գործերը։
«Լուսաբանելով մի՛ վատնէք ձեր ժամանակը. մարդիկ կը լսեն միայն այն ինչ, որ կը փափաքին լսել», կ՚ըսէ Փաուլօ Քոէլհօ։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022