ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԲՈՂՈՔ, ԱՄԷՆ ՕՐ ԵՐԹ

Հայաստանի մէջ եռեւեփը կը շարունակուի։ Երկիրը կը տառապի Արցախի ծանր պատերազմի հետեւանքով կրած պարտութեան տակ։ Բոլորի համոզումը այն է, որ ձախողումը յաղթահարելու առաջին նախապայմանը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հեռանալն է։ Կ՚երեւի այս ուղղութեամբ համամիտ չէ միայն վարչապետ Փաշինեան։

Համատարած բողոքի, անսահման ցասումի պայմաններուն ներքեւ, Երեւանի եւ երկրի զանազան քաղաքներուն մէջ ամէն օր կը շարունակուին հանրահաւաքները, երթերը եւ ցոյցերը։ Ընդդիմադիր «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը այս շաբաթ ամէն օր «Արժանապատուութեան երթ» կ՚իրականացնէ Երեւանի կեդրոնին, ուր երէկ ալ ծովածաւալ բազմութիւն մը փողոց իջաւ վարչապետի հրաժարականի պահանջով։ Այս առաւօտ նոյն պահանջով քաղաքացիներ երթեւեկութիւնը կասեցուցին Կիւմրի-Պաւրա ճանապարհին վրայ։

Բոլոր իրադարձութիւնները կ՚ապացուցանեն, որ իշխանութիւնը կորսնցուցած է երկիրը կառավարելու ընդունակութիւնը եւ առկայ քաոսը կը սպառնայ հայոց պետականութեան գոյութեան։ Այս իրավիճակին մէջ առնուելիք տրամաբանական քայլը որքան որ յապաղի արհեստականօրէն, այնքան աւելի մտահոգիչ կը դառնան արմատական լուծումներու վարկածները, անշուշտ, անբաղձալի հետեւանքներով։ Ցուցարարները, որոնք «ժողովուրդ» չեն ընկալուիր կամ չեն որակուիր վարչապետին կողմէ, անդրդուելի կը մնան իրենց պահանջին մէջ՝ Հայաստանի համար նոր ապագայի մը ձգտումով։ Իսկ այդ ցուցարարները «ժողովուրդ»ի մաս չհամարելը կը նշանակէ, որ անոնց բարձրացուցած ձայնը իշխանութեան կողմէ պէտք է ընկալուի՝ որպէս անէծք, որու պայմաններով երկիր կառավարելը իսկապէս անկարելի է։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2020