ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիա-Ռուսաստան-Սուրիա առանցքին վրայ հաւանական դարձած խմորումները այս շրջանին հետզհետէ կը բարձրաձայնուին գագաթնային մակարդակի վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկար միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի միջեւ հանդիպման մը հաւանականութիւնը։ Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս եռոտանիին վրայ այս ուղղութեամբ աշխատանքները հասած են որոշ հասունութեան։

Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Թիւրքմենիստան կատարած այցելութենէն վերադարձի ճանապարհին եւս անդրադարձաւ այս նիւթին՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։

«Մենք կը փափաքինք եռակողմանի քայլ մը առնել՝ որպէս Սուրիա-Թուրքիա-Ռուսաստան։ Նախ թող մէկտեղուին մեր յատուկ ծառայութիւնները, ապա ալ՝ մեր պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները։ Հուսկ, մենք մէկտեղուինք, որպէս ղեկավարներ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ այս բանը առաջարկած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ ան ալ հաշտ աչքով դիտած է այս առաջարկը։

Էրտողան այս մանրամասնութիւնները հաղորդեց՝ պատասխանելով Սոչիի վերաբերեալ հարցումի մը։ Իրեն յիշեցուեցաւ նաեւ, որ Ուաշինկթընէն վերապահութիւններ կ՚արտայայտուին իր եւ Էսատի միջեւ հանդիպման մը հաւանականութեան շուրջ։ Այս կապակցութեամբ Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ պարագային առնուելիք քայլերուն գծով բնորոշիչ հանգամանքը պիտի ըլլան Թուրքիոյ ազգային շահերը։ «Ես ոմանց թոյլտուութիւնը առնելով չեմ որոշեր, թէ որո՛ւ հետ, ե՛րբ եւ ինչպէս պիտի տեսակցիմ», ըսաւ Էրտողան։

Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Էրտողան խիստ ազդարարութիւն ուղղեց Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի յայտարարութեան, ըստ որու ԵՄ-ի անդամ երկիրներու նման Թուրքիա եւս պէտք է հետեւի Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն։ «Պորել չի կրնար ճշդել կամ կարգաւորել Ռուսաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները։ Ան այս նիւթերուն շուրջ նման որոշում մը տալու որակն ու կարողութիւնը չունի։ Սա շատ տգեղ արտայայտութիւն մըն է», եզրափակեց Էրտողան։

Սուրիոյ արիւնալի ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ շատ երկար ժամանակէ ի վեր ահաւոր ցրտութիւն մը կը տիրէր Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ։ Իրադարձութիւններու փոփոխութեան զուգահեռ՝ այժմ երկու հարեւաններուն միջեւ նոր քաղաքական կլիմայ մը կը ձեւաւորուի։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022