ՀԲԸՄ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ՓԱԿՈՒՄԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ դատապարտելով Լաչինի միջանցքին փակումը։ Այսպէս, ՀԲԸՄ ահազանգ հնչեցուց Ատրպէյճանի՝ Արցախը խեղդամահ ընելու ուղղեալ յանցագործ քաղաքականութեան դէմ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութեան բնագիրը, որ հրապարակուած է ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնէն։

*

ՀԲԸՄ խորապէս մտահոգուած է Արցախի ժողովուրդին առջեւ ծառացած մարդասիրական աղէտէն եւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի հակամարդկային գործողութիւններն ու միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը։

Բռնապետներու եւ պատերազմական յանցագործներու յատուկ մարտավարութեամբ՝ Ալիեւն ու իր վարչախումբը Արցախի քաղաքացիական բնակչութիւնը կը զրկեն գոյատեւման համար անհրաժեշտ ուժանիւթի պաշարներէն եւ փոխադրութեան ուղիներէն, այդ ձեւով Արցախի ժողովուրդը մեկուսացնելով արտաքին աշխարհէն։ Արցախը Հայաստանին միացնող միակ ճանապարհը արգելափակելով եւ խափանելով դէպի Արցախ կազամատակարարումը՝ Ատրպէյճան 120 հազար հայերը զրկած է ջեռուցման, լոյսի, սնունդի, վառելանիւթի եւ բժշկական օգնութեան հասանելիութենէն։ Աւելին, մարդկանց եւ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրող կազմակերպութիւններու՝ ներառեալ ՀԲԸՄ-ի, մուտքն ու ելքը Արցախ արգելափակուած է։ Այս բոլորի հետեւանքով արցախահայութիւնը փաստացիօրէն յայտնուած է Ատրպէյճանի ստեղծած մահուան թակարդին մէջ։

Հայաստանն ու Արցախը կապող՝ Լաչինի միջանցքով անցնող միակ ճանապարհի ապօրինի արգելափակումը ուղղակիօրէն կը խախտէ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած համաձայնագրերը, ինչպէս նաեւ կը հանդիսանայ մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպիտ խախտում։ Շրջափակման եւ կազամատակարարման դադրեցման երկարաձգումը կրնայ յանգեցնել մարդկային կորուստներու՝ յատկապէս տարեցներու եւ նորածիններու շրջանակին մէջ։

Շաբթուան սկիզբին հրապարակուած լուսանկարներն ու տեսանիւթերը փաստեցին, որ ատրպէյճանցի ենթադրեալ ցուցարարները ո՛չ թէ շրջակայ միջավայրով մտահոգուած են, այլ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու աշխատակից են (…)։

2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի պայմանագրէն յետոյ այս երբեմնի անվտանգ ճանապարհը կը վերահսկուի Ռուսաստանի խաղաղապահներու կողմէ։

ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան Ատրպէյճանի նմանօրինակ դաժան վարքը կը բնութագրէ՝ որպէս հայերը Արցախէն բնաջնջելու լկտի գործ։ «Աշխարհ բազմիցս ականատես եղած է այս նողկալի քաղաքականութեան եւ մենք կը խնդրենք աշխարհի խոշոր քաղաքական ուժերէն, որպէսզի յստակ միջոցներու ձեռնարկեն՝ սանձելու համար Ատրպէյճանի ապօրինի գործողութիւնները, որոնք կը խախտեն եռակողմանի համաձայնագիրը։ Համաշխարհային առաջնորդները պէտք չէ լուռ հետեւին այս բոլորին, ինչպէս ըրած են պատմութեան ընթացքին՝ աչք փակելով հայոց ողբերգութեան վրայ։ Այժմ եւս, ինչպէս 20-րդ դարու սկիզբին, վտանգուած են անմեղ կեանքեր»։

ՀԲԸՄ երեք տասնամեակէ ի վեր կը սատարէ Արցախին եւ կոչ կ՚ուղղէ աշխարհասփիւռ հայերուն, որպէսզի իրենց երկիրներու ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները անյապաղ իրազեկեն Արցախի ժողովուրդի ծանր կացութեան մասին։ Կարեւոր է իւրաքանչիւր վայրկեան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022