ՅՍՏԱԿ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ա­ռըն­թեր «Հա­յաս­տա­նի ի­րա­ւա­զօ­րու­թիւն» ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման ըն­թաց­քին եւ յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ ե­րէկ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան խորհր­դակ­ցու­թեան սկիզ­բին անդ­րա­դար­ձաւ այս խոր­հուր­դի առ­ջեւ դրուած խնդիր­նե­րուն եւ գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն։ Նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած այս ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ.

«Կը կար­ծեմ ե­կած է ժա­մա­նա­կը, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ մենք շատ ա­ւե­լի աշ­խու­ժօ­րէն ներգ­րա­ւենք մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը, զա­նա­զան մաս­նա­գէտ­ներ, շնոր­հա­շատ մար­դիկ, ինչ­պէս նաեւ ա­ւե­լի ա­ռար­կա­յա­կա­նօ­րէն մաս­նակ­ցինք աշ­խա­տան­քի մի­ջազ­գա­յին բա­ժան­ման։ Եւ որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­րա­րու­թեան հա­մար Հա­յաս­տա­նը դարձ­նենք ա­ւե­լի գրա­ւիչ, մենք պէտք է նոր շունչ հա­ղոր­դենք դա­տա­կան, ելմ­տա­կան, հար­կա­յին ո­լորտ­նե­րէ ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն, ա­ւե­լի ե­ռան­դուն կա­տա­րե­լա­գոր­ծենք մեր գոր­ծա­րար մի­ջա­վայ­րը, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յին մեր երկ­րի զար­գաց­ման, բա­րե­փո­խում­նե­րուն նոր ուժ հա­ղոր­դե­լու»։

Երեքշաբթի, Յունուար 17, 2017