ԱՊԱԳԱՅԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպում մը ունեցաւ ՄՈՒՊԱՏԱԼԱ ներդրումային ընկերութեան գործադիր տնօրէն Հալտուն Խալիֆա էլ Մուպարաքի հետ։

Բաց աստի, Արմէն Սարգսեան երէկ որպէս գլխաւոր բանախօս ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» ֆորումի ծիրէն ներս կազմակեր-պըւած «Ապագայի գագաթաժողով»ի ժամանակ։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ուժանիւթի եւ արդիւնաբերութեան նախարար Սուահիլ Մուհամմէտ Ֆարաժ էլ Մազրուի կողմէ կատարուեցաւ այս հաւաքին բացումը։ Իր խօսքին մէջ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Կ՚ապրինք դարու մը մէջ, ուր նորարարութիւնները կը կառավարեն աշխարհը»։

Նախագահ Սարգսեան համաժողովի ընթացքին դիտել տուաւ, որ համաշխարհայնացումը սկսած է որպէս մաքրօ գործընթաց, սակայն ան այսօր շատ հեռու գացած է՝ վերածուած միքրօ համաշխարհայնացման։

Արմէն Սարգսեան Ապու Տապիէն անցաւ Շարժա, ուր հանդիպում մը կ՚ունենայ Շէյխ Սուլթան պին Մուհամմէտ էլ Քասըմիի հետ, որ տեղւոյն կառավարիչն է։ Նախագահ Սարգսեան Շարժայէն ալ կ՚ուղեւորուի դէպի Տուպայի, ուր կը տեսակցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխ-նախագահ ու վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Շէյխ Մուհամմէտ պին Ռաշիտ էլ Մաքթումի հետ։

Միւս կողմէ, նախագահ Սարգսեանի ընկերակցած Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանն ալ Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Պետական նախարար Ռիմ էլ Հաշիմիի հետ։ Այս առթիւ Նունէ Սարգսեան պաշտօնապէս հրաւէր ստացաւ՝ Տուպայիի մէջ նախատեսուած գրքի փառատօնին մասնակցելու համար։

Բաց աստի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հրատարակչական ընկերակցութիւնը փափաք յայտնած է Նունէ Սարգսեանի գիրքերը թարգմանելու ուղղութեամբ։ Առաջին տիկինը այս ընթացքին այցելած է նաեւ Շարժայի Ժառանգութեան կաճառը։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019