ԹԵՐԵԶԱ ՄԷՅ ՍՏԱՑԱՒ ԱՆԳԼԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ

Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս երէկ վստահութեան քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ՝ վարչապետ Թերեզա Մէյի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան համար։ Արդիւնքին, Թերեզա Մէյ ստացաւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն։

BREXIT-ի վերաբերեալ գործընթացներուն բերումով Լոնտոնի մէջ ստեղծուած են քաղաքական դժուարութիւններ։ Անգլիոյ խորհրդարանը նախընթաց օր հաւանութիւն չէր տուած BREXIT-ի համաձայնութեան, որ բանակցուած եւ իրեն ներկայացուած էր Մէյի կառավարութեան կողմէ։ Այս իրավիճակին մէջ անխուսափելի դարձած էր վստահութեան քուէարկութիւնը, որ, սակայն, յաղթահարուեցաւ կառավարութեան կողմէ։ Երէկուան քուէարկութենէն վերջ Թերեզա Մէյ համախմբման կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն՝ BREXIT-ի հանրաքուէի արդիւնքները իրագործելու նպատակով։

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը Թերեզա Մէյէն նոր առաջարկներ կ՚ակնկալէ BREXIT-ի վերաբերեալ։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019