ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ԿԸ ՆՇԷ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս օրերուն Երուսաղէմի մէջ ըստ Հին տոմարի կը տօնախմբէ Ամանորն ու Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Կը տեղեկանանք, որ Իսթանպուլէն ուխտաւորներու զանազան խումբեր Սուրբ Քաղաք մեկնած են մասնակցելու համար աւանդական արարողութիւններուն։ Ուխտագը-նացութիւնները կազմակերպուած են մեր կարգ մը հոգեւորականներու կամ աշխարհական գործիչներու կողմէ։ Ուրեմն, այս տարի ուխտաւորներու չորս-հինգ խումբեր Պոլիսէն մասնակցութիւն կը բերեն Սուրբ Երուսաղէմի աւանդական տօնակատարութիւններուն։ Ուխտագնացութիւնը կը տեւէ շուրջ շաբաթ մը։

Երուսաղէմի տարեմուտի արարողութիւններուն առթիւ Սուրբ Քաղաք մեկնած են Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019