ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ տեղի ունեցաւ կարծիքներու օգտակար եւ շինիչ փոխանակում, ինչ որ ուղղուած էր նաեւ առաւել լայն փոխըմբռնման եւ փոխադարձ վստահութեան հաստատման։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որ տեւեց աւելի քան չորս ժամ։ Զրուցակիցները անդրադարձան հաշտութեան գործընթացին վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակի մը՝ ներառեալ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելը, անվտանգութիւնն ու տարածքաշրջանային կայուն զարգացումը։

Հանդիպման նոր ժամկէտները տակաւին հաստատուած չեն, այնուամենայնիւ նախարարները համաձայնեցան յառաջիկայ ամիսներուն շարունակելու հետեւողական, նպատակաուղղուած շփումները։

Երէկուան հանդիպման առընչութեամբ յայտարարութիւն մըն ալ հրապարակեցին միջնորդները։ Համանախագահները առանձին հանդիպումներ ալ ունեցած են Մնացականեանի եւ Մամետեարովի հետ։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուան ամփոփած է բանակցութիւններու արդիւնքները մասնակիցներուն հետ։ Համանախագահները ընդունուած են նաեւ Էլիզէի պալատին մէջ։ Ըստ յայտարարութեան, միջնորդները նախարարներուն երախտագիտութիւն յայտնեցին այն ջանքերուն համար, որոնք կը գործադրուին խտացեալ բանակցութիւններու տեսակէտէ նպաստաւոր եւ արդիւնքներ արձանագրելու միտուած մթնոլորտի պահպանման առաջադրութեամբ։ Նախարարները քննարկեցին հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ եւ համաձայնեցան, որ անհրաժեշտ է ժողովուրդը խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղեալ յստակ միջոցառումներու ձեռնարկել։ Համանախագահները երկու նախարարներուն հետ քննարկեցին բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին համար հիմնական սկզբունքները։

Նախարարներն ու համանախագահները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հաւանական հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ յաջորդ քայլերը՝ բանակցութիւններու թափին ուժեղ ազդակ մը հաղորդելու համար։ Համանախագահները ընդգծեցին հաւանական փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը՝ ուղղուած տարածքաշրջանի տնտեսական ներուժի իրականացման։

Յայտարարութեան աւարտին նշուած է, որ եռանախագահները կը նախատեսեն մօտակայ ժամկէտով հանդիպիլ երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019