ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ՈՐՈՇԵՑ ՀԵՌԱՆԱԼ ՀՅԴ-Ի ԳԼՈՒԽԷՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 33-րդ ընդհանուր ժողովը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ։ Կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին այս ընդհանուր ժողովով՝ հաշուի առնելով, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն ժամանակ որդեգրած դիրքորոշման բերումով ՀՅԴ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ։

ՀՅԴ-ի պիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան համագումարի ընթացքին ընդգծեց կուսակցութեան վերադիրքաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Ան յայտնեց, որ ինք թեկնածու պիտի չներկայանայ կուսակցութեան նոր ղեկավար կազմի ընտրութիւններուն ժամանակ։ «Իմ որոշումը նահանջ եւ պարտութիւն չէ», ըսաւ ան։ Հարկ է նշել, որ Հրանդ Մարգարեան 2000 թուականէն ի վեր ՀՅԴ-ի առաջին դէմքն է՝ որպէս պիւրոյի ներկայացուցիչ։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019