ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս դռնփակ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին հեռախօսազրոյցին զուգահեռ՝ Սպիտակ Տան աղբիւրները հաղորդած էին, որ Կիւլէր եւ Տանֆորտ կը մէկտեղուին Սուրիոյ պարագային համագործակցութեան ընթացքը քննարկելու նպատակով։ Հարկ է նշել, որ երկու զօրավարները վերջին անգամ յունուարի 8-ին տեսակցած էին Անգարայի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019