ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ԱՐԳԵԼՔ
Ֆրանսայի Միյէն քաղաքին մէջ արգիլուեցան թրքերէն եւ արաբերէն դասերը։ Տեղական մամուլին մօտ արձագանգ գտած այս կարգադրութիւնը կատարուած է տեղւոյն քաղաքապետին՝ Ֆրանսուա Պուշէի նախաձեռնութեամբ։ Ան այս կարգադրութիւնը հիմնաւորած է իր շրջանին մէջ դպրոցներէ ներս անվտանգութեան պատճառաբանութեամբ։
Թրքերէն եւ արաբերէն օտար լեզուներու դասաւանդման դրուած արգելքին կապակցութեամբ Միյէնի Թրքական մշակութային միութեան փոխ-նախագահ Ֆարուք Պըյըք բացատրեց, թէ մայրենի լեզուի ու մշակոյթի ծիրէն ներս կը դասաւանդուէին թրքերէն եւ արաբերէնը, իսկ ներկայիս արգելք դրուած է՝ անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան սպառնալիքի պատճառաբանութեամբ։ Պըյըքի խօսքով, սա անարդար ու քմահաճ կարգադրութիւն մըն է, որու դէմ պիտի պայքարին, որպէսզի դասաւանդութիւնները վերսկսին։
Տեղական թերթերը կը նշեն, թէ Ֆրանսուա Պուշէ ծանօթ է իր շրջանէն ներս ցեղապաշտ եւ հակաիսլամական գաղափարներով։