ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ԱԹԷՆՔ ԴՐԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բանակցութիւններու հերթական փուլը երէկ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ։ Միջերկրականի արեւելքին անցեալ ամառ ծագած տագնապէն վերջ երկու հարեւաններուն միջեւ երկխօսութիւնը վերսկսած է՝ երկար ընդհատումէ մը վերջ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի կողմէ գլխաւորուած թրքական պատուիրակութիւնը երէկ Աթէնքի մէջ բանակցութիւններ վարեց դեսպան Փաւլոս Ափոսթոլիտիսի կողմէ գլխաւորուած Յունաստանի պատուիրակութեան հետ։ Ժողովի սկսելէն առաջ թրքական պատուիրակութիւնը ողջունեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի դիւանգիտական գծով խորհրդականը՝ Էլէնի Սուրանին։ Այս վերջինը թրքական պատուիրակութեան բարի գալուստ մաղթելէ վերջ յայտնեց, որ վարչապետ Միցոթաքիս կը խրախուսէ բանակցութիւնները։ Ան աւելի վերջ դուրս եկաւ ժողովասրահէն եւ երկու երկիրներու ներկայացուցիչները քննարկումներ ծաւալեցին՝ հեռու զանգուածային լրատուութեան միջոցներէ։ Բանակցութիւնները տեղի ունեցան Աթէնքի «Սինթակմա» հրապարակի այն պանդոկին մէջ, ուր թրքական պատուիրակութիւնը կ՚իջեւանի։

Իսկ այսօր Աթէնքի մէջ քաղաքական խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Թուրքիոյ եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ։ Թրքական պատուիրակութեան գլուխը դարձեալ կը գտնուի Սետաթ Էօնալ։ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար դեսպան Թեմիսթոքլիս Տեմիրիս կը գտնուի սեղանին միւս կողմը։ Այս բանակցութիւններուն ժամանակ օրակարգի վրայ կու գան Անգարա-Աթէնք յարաբերութիւններու ընթացքին վերաբերեալ հարցեր։ Երկկողմանի յարաբերութիւններուն ուղղեալ խորհրդակցական այս ժողովներուն առաջինը 10 յունուար 2020 թուականին տեղի ունեցած էր Անգարայի մէջ։

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021