ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱՒ՝ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիները 1 ապրիլ 2021 թուականի դրութեամբ պիտի կարողանան փոխադարձ ձեւով ճամբորդել միատեսակ անձնագիրով։

Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ նոր տիպէ անձնագիրերով կարելի պիտի ըլլայ փոխադարձաբար իրականացնել ճամբորդութիւն։ Երկու երկիրներու քաղաքացիներու պարագային, առանց վիզայի կեցութեան ժամկէտն ալ 30 օրէն բարձրացուած է 90-ի։

Այս նիւթը երկար ատենէ ի վեր քննարկման առարկայ էր Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021