ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆ, ԹԻՐԱԽՆԵՐՈՎ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդը երէկ արտահերթ ժողով մը գումարեց հեռավար դրութեամբ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ծաւալուեցան առցանց քննարկումները։

Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ այս հիմնադրամին միջոցաւ կատարուած հանգանակութիւններով գոյացած էին լուրջ գումարներ։ Աւելի վերջ հաղորդումներ կատարուած էին, թէ կառավարութեան կողմէ այդ միջոցները տրամադրուած են՝ պիւտճէի ընթացիկ ծախսերու դիմագրաւման նպատակով։ Ընդհանուր առմամբ, այդ գումարներու օգտագործման տեսանկիւնէն յառաջացած էին որոշ կասկածներ։ Այս վերջին ժողովի լոյսին տակ հաղորդուեցաւ, որ պատերազմի ժամանակ հանգանակուած միջոցները օգտագործուած են նպատակայարմար։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ ամէն ինչ պէտք է ընել, որպէսզի հիմնադրամի նկատմամբ վստահութիւնը ըլլայ բիւրեղային եւ որեւէ ձեւով չվտանգուի։ Արմէն Սարգսեան խոր մտահոգութիւն յայտնեց, որ հիմնադրամի նուիրաբերած գումարի կառավարութեան փոխանցուելուն պատճառով որոշ անհանգստութիւն եւ դժգոհութիւն յառաջացած է։ Այս բոլորը արտայայտուած են թէ՛ գրաւոր եւ թէ բանաւոր, ներառեալ հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի առանձին անդամներուն կողմէ։ Արմէն Սարգսեան մատնանշեց, որ յիշեալ փաստը նաեւ շահարկումներու առիթ դարձած է։

Երէկուան ելոյթին մէջ Արմէն Սարգսեան վերահաստատեց, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը լուրջ բարեփոխումներու կարիք ունի։ «Ես կը շարունակեմ համոզուած մնալ, թէ անհրաժեշտ է նոր տեսլական, գործունէութեան ծրագիր՝ այսօրուան եւ վաղուան համահունչ, որովհետեւ այսօր Հայաստանն ու Արցախը տարբեր են՝ քան ամիսներ առաջ։ Այսօր աշխարհը տարբեր է։ Այսօր մեր հայրենակիցները, որոնք մեր նուիրատուներն են, կ՚ապրին նոր, յարափոփոխ աշխարհի մէջ։ Հետեւաբար, մենք պէտք է ըլլանք նաեւ ժամանակակից հիմնադրամ մը։ Ի հարկէ, պատերազմի եւ համավարակի հետեւանքները մեզի կանգնեցուցած են շատ լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Հիմնադրամը՝ որպէս համահայկական կառոյց, պարտաւորութիւն ունի այդ խնդիրներու լուծման առաջին գծին վրայ գտնուելու։ Այս ամբողջին մէջ առաջին հերթին պէտք է ներառուի աջակցութիւնը մեր զոհուած հայրենակիցներու ընտանիքներուն, վիրաւոր զինուորներուն, անոնց առողջական խնդիրներու լուծման, իրենց բնօրրանէն տեղահանուած Արցախի մեր հայրենակիցներու կեցութեան հարցերուն։ Բացի այս բոլորէն, պէտք է նախաձեռնուին եւ իրականացուին զարգացման ծրագրեր», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պէտք է ըլլայ կասկածներէ, ենթադրութիւններէ, շահարկումներէ վեր կառոյց մը՝ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եւ հայութեան նպատակներով՝ թիրախներով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021