ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ 16 մարտ 1921 թուականին ստորագրուած Մոսկուայի պայմանագրի 100-ամեակը այս օրերուն կը զբաղեցնէ դիւանագիտական օրակարգը։ Յոբելեանին առթիւ Անգարայի մէջ կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը։ Բաց աստի, յոբելեանը առիթ հանդիսացաւ, որ թէ՛ Անգարա եւ թէ Մոսկուա հերթական անգամ վերաբերմունք արտայայտեն իրենց յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ։ Ռուսաստանի Խորհրդային Դաշնակցային Ընկերվարական Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան միջեւ հարիւր տարի առաջ ստորագրուած էր այդ եղբայրութեան ու բարեկամութեան համաձայնագիրը, որմէ առաջ ռուս-թրքական երկրորդ խորհրդաժողովի տեւողութեան բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին, 26 փետրուար-16 մարտ 1921 թուականներուն։ Այդ պայմանագրով հաստատուած էր Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանը, որ անփոփոխ կը մնայ առ այսօր։ Թրքական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Եուսուֆ Քեմալ պէյ, Ռըզա Նուրի պէյ եւ Ալի Ֆուաթ փաշա։ Ռուսական կողմի ներկայացուցիչներն էին Կէորկի Չիչերին եւ Ճելալ Քորքմասով։

Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ յոբելենական շրջանին ձօնուած միջոցառման բացումին ընդգծեց, որ ստորագրումէն դար մը անց Մոսկուայի պայմանագիրը չէ կորսնցուցած իր նշանակութիւնը։ Խորհրդարանէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին ան ընդգծեց, որ այդ փաստաթուղթը դարձած է Ռուսաստանի կողմէ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան եւ երկրի արեւելեան սահմաններու որոշման, ճանաչման վկայութիւնը։ «Պայմանագիրը ստորագրուած է դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն մէկ տարի վերջ։ Այսպէսով, երկու երկիրները ցոյց տուած են համերաշխութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան իրենց ցանկութիւնը», նշեց Շենթոփ։

Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Մոսկուայի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեակին կապակցութեամբ։ Այսպէս, ռուսական կողմը վերահաստատեց բոլոր ուղղութիւններով Թուրքիոյ հետ շինիչ համագործակցութեան ընդլայնման պատրաստակամութիւնը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յոբելեանին առթիւ նշեց, որ Մոսկուայի պայմանագիրը հիմնարար փաստաթուղթերէն մին է, որով երկու պետութիւններու միջեւ ժամանակակից յարաբերութիւններուն հիմքը դրուած է։ Ըստ Զախարովայի, ռուսական կողմը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը Թուրքիոյ հետ բոլոր ուղղութիւններով շինիչ համագործակցութեան ընդլայնման, նաեւ առեւտրատնտեսական ու ներդրումային համագործակցութեան խորացման, ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան եւ ենթակառուցուածքներու հեռանկարային նախագծերու իրականացման, մշակութային եւ մարդասիրական փոխանակումներու եւ մարդկային շփումներու կատարելագործման պատրաստակամութիւնը։ Ըստ բանբերին, անցեալ հարիւր տարուայ ընթացքին Մոսկուայի պայմանագիրը չէ կորսնցուցած իր քաղաքական եւ պատմական արդիականութիւնը։ Անոր ոգիին եւ սկզբունքներուն հետեւիլը Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման գրաւականն է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021