Շաբաթ 1, Փետրուար 2025
ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ, ուր մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի 40-րդ արտահերթ նիստին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ Երեւան յանձնառու է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական կարգաւորման ու պատրաստ է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու։
Բաց աստի, Փարիզի մէջ Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէի հետ։
Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2022