ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեանը։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհաւորութիւնները յղեց նախագահի երդման արարողութեան առթիւ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ պետական կառավարման ոլորտէ ներս իր հարուստ փորձառութիւնը լաւագոյնս պիտի ծառայէ երկրի յառաջընթացին՝ արդարացնելով ժողովուրդի սպասումները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը հաւաստիացուց, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի շարունակէ զօրավիգ ըլլալ հայրենի իշխանութիւններուն ու հանրապետութեան նախագահին՝ հայոց անկախ պետականութեան զօրացման եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կարելին ընել ի սէր եւ ի բարօրութիւն ժողովուրդին ու հայրենիքին։ Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, թէ Արմէն Սարգսեանի երկրի եւ ժողովուրդի ապագայի վերաբերեալ տեսլականն ու իղձերը դառնան իրականութիւն։

Իր կարգին, նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Հայրապետի բարեմաղթութիւններուն համար։ Ան ընդգծեց, որ նախագահի պաշտօնը ստանձնած է՝ հաւատ ունենելով ժողովուրդի, հայրենիքի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ հանդէպ։  Ան միեւնոյն ժամանակ կարեւորեց եկեղեցւոյ համախմբող դերակատարութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետն ու նախագահ Արմէն Սարգսեան խօսեցան նաեւ զանազան ծրագրերու մասին։ Յաջողութիւններ եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն մաղթելով հանրապետութեան նախագահին՝ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս կարեւորեց պատասխանատու բոլոր կառոյցներու միասնականութիւնը եւ համամտութիւնը մեր ժողովուրդի ազգային շահերու շուրջ՝ այդ ոգիի ամրապնդման ուղղութեամբ էական նկատելով հանրապետութեան նախագահի առաքելութիւնը։

Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան եւ լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։

Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետն ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելեցին Սուրբ Էմիածնի Մայր Տաճարը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018