ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք Ուաշինկթընի մէջ նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որուն ներկայ էին նաեւ ԱՄՆ-ի Գանձի նախարար Սթիւ Նիւշին եւ Թրամփի աւագ խորհրդականը՝ Ճերըտ Քուշնէր, որ միեւնոյն ժամանակ անոր փեսան է։ Պերաթ Ալպայրաք Ուաշինկթընի մէջ կը գտնուի IMF-ի, Համաշխարհային դրամատան եւ Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովին առթիւ։ Նախարար Պերաթ Ալպայրաք հանդիպումէն վերջ նշեց, որ Տանըլտ Թրամփին փոխանցած է Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի ողջոյններն ու պատգամը։ Զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։

Պերաթ Ալպայրաք աւելի վերջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնեց, որ Ուաշինկթընի վերջին շփումները ամենայաջողները կը համարուէին իրենց տեսակին մէջ։ Նախարարին խօսքով՝ յառաջիկայ շրջանին Թուրքիոյ տնտեսութեան դիմադրութեան ներուժը ալ աւելի պիտի զարգանայ։

Պերաթ Ալպայրաքի ուղեւորութեան մասնակցեցան նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, Առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փէքճան, նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն եւ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըճ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2019