ԴԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

Աշխարհէն կը հասնին լաւ լուրեր։ Դանիան Եւրոպայի տարածքին առաջին երկիրն է, որ կը վերաբանայ դպրոցները։ Այսպէս, Դանիան Եւրոպայի մէջ առաջին երկիրն է, որ քորոնաժահրի սահամանափակումներ դնելէ յետոյ կը բանայ դպրոցներն ու մանկապարտէզները։ Կը տեղեկացնեն, որ ապրիլի 15-ին կը բացուին մանկապարտէզները եւ մինչեւ հինգերորդ դասարանի համար նախատեսուած դպրոցները, սակայն բոլոր հաստատութիւնները տակաւին պատրաստ չեն։

 Մայրաքաղաք Քոփենհակի մէջ աշխատանքի վերսկսած է հաստատութիւններու 35 տոկոսը, իսկ ընդհանուր երկրին մէջ աշխատանքներու սկսած են հաստատութիւններու կէսը։ Մնացեալները խնդրած են ժամանակ, որպէսզի յարմարին քորոնաժահրի համաճարակի համար սահմանուած միջոցառումներուն։ Մասնաւորապէս, դպրոցները պարտաւոր են ապահովել դասասեղաններու միջեւ 2 մեթր հեռաւորութիւն եւ ստեղծել հանգիստի կազմակերպման հնարաւորութիւն՝ փոքր տարիքի երեխաներու խմբերու համար: Կը սպասուի, որ երկրին մէջ բոլոր դպրոցներն ու մանկապարտէզները կը բացուին ապրիլի 20-ին։

Դանիոյ մէջ ծնողներ համաձայն չեն դպրոցներու բանալու կառավարութեան որոշման հետ։ Անոնք կը վախնան իրենց զաւակներու վարժարան ուղարկելու։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ չեն պատրաստուիր իրենց երեխաները ուղարկել դպրոց։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020