ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ նամակ մը ուղարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Ան այս առթիւ վերահաստատեց Երեւանի յանձնառութիւնը միանալու համաշխարհային հրադադարի կոչին, որով վերջին շրջանին հանդէս եկաւ ընդհանուր քարտուղարը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան նամակին մէջ ընդգծեց համաճարակի դէմ միասնական գործողութիւններով պայքարելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան մասնաւորապէս նշեց, որ միջազգային աջակցութիւնը հաւասարապէս կարեւոր է հակամարտութիւններու հետեւանքով խոցելի դարձած մարդոց համար։
«Այս առումով առանձնայատուկ կարեւոր է ՄԱԿ-ի մասնագիտական կառոյցներու եւ առաջին հերթին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան աջակցութիւնն ու հասանելիութիւնը հակամարտութիւններէ տուժած տարածքաշրջաններու բնակիչ մարդոց։ Հայաստան պատրաստակամ է տրամադրել անհրաժեշտ բոլոր պայմանները ՄԱԿ-ի համապատասխան մարմիններու անխաթար աշխատանքի իրականացման համար՝ անկախ տարածքի կարգավիճակէն», նշուած է Մնացականեանի նամակին մէջ։
Բաց աստի, նախարարը մատնանշած է, որ առկայ համաճարակը մեծ մարտահրաւէր մըն է մարդկութեան համար, մինչ անոր յաղթահարման ուղղեալ համատեղ ջանքերը կրնան նոր լիցք հաղորդել բազմակողմանի համագործակցութեան, պատերազմներէ ու թշնամանքէ զերծ ներառական աշխարհ մը ստեղծելու համատեղ ջանքերուն։ «Աղէտի կանխարգիլման թուլացման եւ կառավարման ուղղեալ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու ձեռնարկումը այս դժուարին ժամանակներուն պէտք է դիտարկուի, որպէս հնարաւորութիւն բոլոր ժողովուրդներուն համար, ներառեալ հակամարտութիւններու կողմերը», գրած է Մնացականեան նամակին մէջ։