ՄԱՀ՝ ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՆԱՆԵԱՆԻ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, աշխարհի զանազան երկիրներէն ներս, դժբախտաբար, զոհերու շարքին կը գտնուին հայեր։ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ նախընթաց օր Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ազատուհի Սինանեան։ Նախկին պոլսահայ Ազատուհի Սինանեան վերջին տասնամեակներուն հաստատուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան դժբախտաբար վարակուած է քորոնաժահրով եւ իրեն համար ի գործ դրուած բժշկական ջանքերը մնացած են ապարդիւն։ Իր կորուստը խոր ցաւ պատճառած է ընտանիքին եւ սիրելիներու շրջանակին։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Ազատուհի Սինանեանի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ընտանիքին՝ մասնաւորապէս մեր սիրելի բարեկամ գատըգիւղաբնակ Լեւոն-Հայկուհի Տալլարեան ամոլին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020