ԻԼԻԱ Բ. ՎՐԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ «ԵՐԲ ԴԺՈՒԱՐ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՐ, ԴԺՈՒԱՐ Է ՆԱԵՒ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ»

Դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Թիֆլիզի մէջ ընդունուեցաւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին կողմէ։ Այս առթիւ վրաց հոգեւոր առաջնորդը ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի այցելութիւնը եւ ընդգծեց, որ հայ ու վրացի ժողովուրդները ունին դարաւոր բարեկամութեան պատմութիւն մը, որու պահպանման ու շարունակման ուղղութեամբ կարեւոր դեր ունեցած են Հայ Առաքելական եւ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցիները։ Իլիա Բ. նշեց, որ երկու եկեղեցիները նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունին տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։ Ան խօսեցաւ նաեւ պատերազմի ընդմէջէն անցած Հայաստանի առկայ դժուարութիւններու մասին։ «Մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք ապագային աւելի կայուն ու խաղաղ տարածքաշրջան մը ունենալու համար», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

«Երբ դժուար է Հայաստանի, հայ ժողովուրդի համար, դժուար է նաեւ մեզի համար», ըսաւ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան դէպի Թիֆլիզ ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին այցելեց նաեւ Վրաստանի խորհրդարանը, ուր հիւրընկալուեցաւ նախագահ Արչիլ Թալաքվածէի եւ ղեկավարութեան կողմէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 17, 2021