ԿԼԻՄԱՅԻ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Չինաստանի նախագահ Շի Ցինփին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել համատեղ տեսաժողովի մը մասնակցելով քննարկեցին կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ հրատապ հարցերը։ Միջազգային գետնի վրայ անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ այս առցանց գագաթաժողովը, որու վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Էլիզէի պալատի աղբիւրներուն կողմէ։ Մաքրոն, Ցինփին եւ Մերքել կանգ առին կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքարի, կենսազանազանութեան պահպանման վերաբերեալ հարցերու վրայ։ Ապրիլի 22-ին նախատեսուած է կլիմայի վերաբերեալ գագաթաժողով մը։ ՄԱԿ-ի 26-րդ Կլիմայի փոփոխութեան կողմերու խորհրդաժողովը (COP26) եւ Մարսէյլի մէջ Համաշխարհային բնութեան ու բնական պաշարներու պահպանման միութեան (IUCN) սեպտեմբերին նախատեսուած համաժողովը եւս ուշադրութեան առարկայ դարձուեցան երեք երկիրներու տեսաժողովին ժամանակ։ Հարկ է նշել, որ սեպտեմբերի համաժողովի հիւրընկալ երկիրը պիտի ըլլայ Ֆրանսան։

Մաքրոն եւ Մերքել Չինաստանի ղեկավարի նկատառման յանձնեցին իրենց ակնկալութիւնները կլիմայի հարցերուն՝ մասնաւորաբար վնասակար կազերու արտանետումներու հարցերուն շուրջ։ Իր կարգին, Շի Ցինփինն ալ ներկայացուց իր երկրին կողմէ որդեգրուած նպատակները՝ մինչեւ 2030 թուականը վնասակար կազերու արտանետումները սահմանափակելու կապակցութեամբ։

Մաքրոն եւ Մերքել զրոյցի ընթացքին ընդգծեցին, որ միջազգային գանձատրումները պէտք է ուղղորդուին՝ տեւական զարգացման նպատակներուն եւ Փարիզի համաձայնութեան ներդաշնակ ծրագրերու համար։ Ցինփին նշեց, որ կենսաբազմազանութեան պահպանման տեսակէտէ իր երկիրը մաս պէտք է կազմէ այն յիսուն երկիրներու շարքին, որոնք բնութիւնը պահպանելու ուղղեալ քաղաքականութիւններ կը զարգացնեն։ Սա կը կոչուի «Բնութեան եւ իրաւունքներու համար բարձր նպատակներու համախոհութիւն»։ Այս նախաձեռնութեան մասնակցելու ցանկութեան առընթեր, Չինաստանի ղեկավարութիւնը կը խրախուսէ «Մեծ կանաչ պատ»ի նախաձեռնութիւնը, որու նպատակն է Ափրիկէի մէջ անապատացումը կասեցնել։

Մաքրոն եւ Մերքել տեսաժողովի ընթացքին Շի Ցինփինին կոչ ուղղեցին, որպէսզի Չինաստան նպաստէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն ներս համաճարակները կանխելու դրութիւններու բարելաւման եւ համաճարակներու վերաբերեալ թափանցիկ ու անկախ արժեւորումներու իրականացման։

Տեսաժողովի ընթացքին Շի Ցինփին վերահաստատեց իր խոստումը, որպէսզի Չինաստանի շուկայի հասանելիութիւնը բարելաւուի եւ օտար ներդրողներու պարագային նոր նախաձեռնութիւններ կատարուին։

Մաքրոն եւ Մերքել քննարկումներու ընթացքին միեւնոյն ժամանակ օրակարգի վրայ բերին մարդու իրաւանց խնդիրները Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի եւ Միանմարի իրադարձութիւնները։

Շաբաթ, Ապրիլ 17, 2021