BILD. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ԾԱՂՐԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԱՅ ԶՈՀԵՐԸ»

Գերմանիոյ յայտնի «Bild» թերթը օրերս անդրադարձաւ Պաքուի մէջ բացուած «Ռազմաւարի պուրակ»ին։ Ինչպէս ծանօթ է, Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ այդ ցուցահանդէսը բացուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ՝ ցասում յառաջացնելով հայկական հանրային կարծիքին մօտ։ Այնտեղ ցոլացած մտայնութիւնը նախ շատ անարգական է, ապա որեւէ յոյս չի ներշնչեր տարածքաշրջանի ապագայ խաղաղութեան տեսակէտէ։

Գերմանական պարբերականն ալ միացած է այդ քննադատութիւններուն՝ մատնանշելով, որ Ատրպէյճան կը ծաղրէ պատերազմի հայ զոհերը։ Թերթը գրած է, որ կէս տարի առաջ Ատրպէյճան յարձակեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ու գրաւեց զայն։ «Bild» բռնապետ որակած է Իլհամ Ալիեւը, որ 2003 թուականէն ի վեր Ատրպէյճանի նախագահն է։ Ըստ յօդուածին, իրականութեան մէջ, այս «այգին» կը հետապնդէ միայն մէկ անճաշակ նպատակ։ Ալիեւ արդէն այցելած է ցուցահանդէսը, զոհուած հայ զինուորներու սաղաւարտներէն պատրաստուած անցքին մէջ ան ամբողջապէս ռազմական համազգեստով զազրելի տեսք մը պարզած է։ Գերմանական թերթը ցաւալի փաստ մը նկատած է, որ դպրոցականներն ալ պէտք է այցելեն այդ նողկալի ցուցահանդէսը։

Յօդուածին մէջ տեղ տրուած է նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Գերմանիոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած մօտեցումներուն։ Նշուած է, որ ՀԲԸՄ հայկական սփիւռքեան խոշորագոյն միջազգային կազմակերպութիւնն է։ «Հայերը Ատրպէյճանի կողմէ տակաւին 20-րդ դարու սկիզբին ապամարդկայնացուած, հետապնդուած եւ սպաննուած են։ Այս պատճառով սոյն ցուցահանդէսը տարածքաշրջանէ ներս հակահայկական ատելութեան աւանդոյթի մաս կը կազմէ։ Պուրակը ատելութեան տաճար մըն է», նշած են ՀԲԸՄ-ի աղբիւրները։

Նոյն յօդուածին մէջ տեղ գտած է նաեւ իրաւապաշտպանի մը խօսքը, ըստ որու Ալիեւ կրնայ ներկայիս ձեռնամուխ ըլլալ հայաբնակ տարածքներու հայաթափման եւ հայկական եկեղեցիները հողին հաւասարեցնելու։

Շաբաթ, Ապրիլ 17, 2021