«G-7» ՄԻՇՏ ԿԸ ՄՆԱՅ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ԿՈՂՔԻՆ

Մեծն եօթնեակի (G-7) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ժողով մը գումարեցին Ճաբոնի մէջ։ Միջազգային աղբիւրները լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան այս հաւաքին, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Ուքրայնայի կացութիւնը։ «G-7»ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները որոշեցին շարունակել աջակցիլ Ուքրայնային, պահպանել Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները եւ տեւականացնել համագործակցութիւնը սահմանափակող միջոցներու պահպանման նկատմամբ վերահսկողութիւնը խստացնելու համար։ Բաց աստի, «G-7»ի նախարարները դատապարտեցին Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ մարտավարական միջուկային զէնք տեղակայելու վերաբերեալ Ռուսաստանի որոշումը։ Ճաբոնի արտաքին գործոց նախարար Եոսիմասա Հայասի այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ խնդրոյ առարկայ որոշումը կրնայ պատճառ դառնալ իրավիճակի ապագայ սրման։

Վերջին ժողովին ընթացքին «G-7» հաստատեց, որ Ռուսաստանի դէմ կոշտ պատժամիջոցները պիտի շարունակուին եւ պիտի տեւականացուի մեծ աջակցութիւնը ի նպաստ Ուքրայնային։ Բաց աստի, հաւաքի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս շեշտուած է, որ համաձայնութիւն գոյացած է ամրապնդելու համար համագործակցութիւնը պատժամիջոցներէն խուսափելու դէմ պայքարի եւ երրորդ երկիրներու կողմէ Ռուսաստանին սպառազինութիւններու մատակարարման հակազդելու կապակցութեամբ։ Եոսիմասա Հայասի ընդգծեց այս առումով տարբեր երկիրներու հետ համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը՝ ներառեալ հարաւային երկիրները։ Արդարեւ, այդ զարգացող երկիրները չեն միանար Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու քաղաքականութեան եւ չէզոք դիրքորոշման կը հետեւին։

Միջազգային աղբիւրները ներկայ գարնան Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ բախումներու սաստկացումներ եւ փոխադարձ յարձակումներ կը նախատեսեն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023