ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑԵՐ

Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ «Դիմադրութիւն» անուան տակ սկսած բողոքի շարժումը կը շարունակէ ամբողջ թափով։ Իրերայաջորդ հանրահաւաքներէ եւ երթերէ վերջ, այս առաւօտ ընդդիմութեան անհնազանդութեան ցոյցերն ալ դարձեալ սաստկացան՝ մանաւանդ Երեւանի կեդրոնին մէջ։ Մայրաքաղաքէն հասած դրուագները կը վկայեն, որ անվտանգութեան ուժերը խստիւ կը միջամտեն ցուցարարներուն։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, ոստիկանութիւնը տեղեկացուց, որ այս առաւօտեան դրութեամբ շուրջ 500 ցուցարար ձերբակալուած է։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2022