ԵՐԵՒԱՆ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ՀԱՊԿ-ԷՆ
Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովը։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ՝ Քրեմլինի պալատէն ներս տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Գագաթաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, որու մէջ նշուած է հետեւեալը. «Պատրաստ ենք ապահովել սահմաններու անվտանգութիւնը ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս»։
Նիկոլ Փաշինեան գագաթաժողովի ելոյթին ժամանակ արտայայտուեցաւ քննադատական շեշտով՝ քանի Ատրպէյճան ներխուժած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը եւ ՀԱՊԿ-ի դաշնակիցները առ այսօր լուռ ու ձեռնածալ են դաշնակից երկիրներու սահմաններու խախտման դէմ։ «Ցաւօք, ՀԱՊԿ չէ արձագանգած մեր սպասածին նման», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Երեւան երկար ժամանակէ ի վեր բարձրաձայնած է՝ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու կողմէ Հայաստանի համար ոչ-բարեկամ երկրի զէնքի վաճառքի խնդիրը։ «Այդ զէնքը ի վերջոյ օգտագործուեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի դէմ։ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արձագանգը 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն յետոյ այդքան ալ չոգեւորեց Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը», ըսաւ Փաշինեան գագաթաժողովի ընթացքին եւ ընդգծեց Փութինի առանձնայատուկ դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի դադրեցման ուղղութեամբ։ Ան հաստատեց, որ հայկական կողմը հաւատարիմ կը մնայ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած եռակողմանի բոլոր յայտարարութիւններուն։
Գագաթաժողովի ծիրէն ներս Մոսկուայի մէջ հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ Փաշինեանի եւ Փութինի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման սկիզբին Փութին յիշեցուց, որ աշխատանքները կը շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ եռակողմանի ձեւաչափով՝ Ատրպէյճանի գործընկերներու հետ։ Նիկոլ Փաշինեանն ալ մատնանշեց, որ քըն-նարկման առարկայ են տարածաշրջանային անվտանգութեան, կայունութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցերը։ Այս ամբողջին մէջ Փաշինեան յիշեցուց Փութինի հետ մօտաւոր անցեալի համատեղ յայտարարութիւնը, ուր մատնանշուած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի կարեւոր դերակատարութիւնը, որու հետ կապուած հարցերով հանդերձ։