ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՆՑԵԱԼ ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթը այսօր հաղորդած է, որ անցեալ փետրուարի երկրորդ կէսին հանդիպում մը տեղի ունեցած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի միջեւ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Վեհափառ Հայրապետի հանդիպման ներկայացուցած կարեւորութիւնը թերթը բացատրած է ըստ հետեւեալի. «2008 թուականի մարտի 1-ին, երբ երկրէն ներս իրավիճակը պայթիւնավտանգ էր, Գարեգին Բ.-ը այցելած էր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի տունը, սակայն ան դուռը չէր բացած Կաթողիկոսին՝ ըսելով, որ եթէ ըսելիք մը ունի, Կաթողիկոսը պէտք է ըսէ Ռոպերթ Քոչարեանին, ոչ թէ իրեն։ Այդ բանէն ի վեր անցած է տասնչորս տարի, այդ ընթացքին Կաթողիկոսն ու Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը երբեւէ չեն հանդիպած։ Անոնց անդրանիկ հանդիպումը կայացած է փետրուարի երկրորդ կէսին։ Կաթողիկոսը, ի զարմանս իր շրջապատի, չէ մերժած Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի՝ հանդիպման առաջարկը։ Մեզի պատմեցին, որ հանդիպած են Երեւանի մէջ։ Բնականաբար, զանազան հարցեր քննարկած են, սակայն մեր աղբիւրը կը նշէ, որ գլխաւոր հարցը եղած է Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ Յիսուս Քրիստոսի յուշարձանի կառուցման նախաձեռնութիւնը։ Տէր-Պետրոսեան Գարեգին Բ.-ին յորդորած է մերժել նման յուշարձան մը կանգնեցնելու առաջարկը։ Եւ այդ հանդիպումէն քանի մը օր անց՝ փետրուարի 23-ին, Տէր-Պետրոսեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ. «Իմ խորին համոզմամբ, Հայոց Եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, ըստ արժանւոյն գնահատելով հանդերձ ազգային բարերար Գագիկ Ծառուկեանի անժխտելի երախտիքը եկեղեցաշինութեան գործին մէջ, այնուամենայնիւ, պէտք է կտրականապէս մերժէ այդ գաղափարը, որովհետեւ սա կը հակասէ Հայոց Եկեղեցւոյ 1700-ամեայ պատմութեան սրբագործուած աւանդութեան։ Հոգեւոր խորհուրդն ալ յաջորդ օրն իսկ նման որոշում մը կայացուց՝ յարգելով առաջին նախագահի յորդորը»։ Այս հանդիպման մասին տեղեկացանք Տէր-Պետրոսեանի բանբեր Արման Մուսինեանէն»։

Ըստ նոյն թերթին, Արման Մուսինեան ի պատասխան այդ հարցման ըսած է միայն հետեւեալը. «Առանց մեկնաբանութեան»։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեանն ալ չէ հերքած այս լուրը՝ նշելով, որ յետոյ այդ մասին կը խօսի։

Թերթը կը գրէ, որ միայն հասկնալի չէ, թէ ինչո՞ւ կը խուսափին հրապարակայնացնելէ հանդիպման փաստը։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2022