ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս մեծարուեցաւ բազմամեայ համայնքային գործիչ Նուպար Քիւփելեան։ 120-րդ Թեմական պատգամաւորական ժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ Նուպար Քիւփելեանի մեծարանքը։ Ան ամբողջ յիսուն տարի ծառայութիւն մատուցած է Արեւելեան թեմին՝ մասնակցելով Նիւ Եորքի առաջնորդարանի անձնակազմին, որու տիրական դէմքերէն մին եղած է։ Հինգ տասնամեակներու սպասարկութեան ընթացքին Նուպար Քիւփելեան համատարած գնահատանքի արժանացած է՝ որպէս լուրջ, պատասխանատու եւ բծախնդիր պաշտօնեայ մը, որ կ՚աշխատէր մեծ զոհողութեամբ ու նուիրումով։
Թեմական պատգամաւորական ժողովի ընթացքին թէ՛ հոգեւոր հայրերը եւ թէ աշխարհական բազմաթիւ գործիչներ ջերմօրէն շնորհաւորեցին Նուպար Քիւփելեանը, որու նկատմամբ արտայայտեցին իրենց բարձր գնահատականն ու երախտագիտութիւնը։
Նիւ Եորքի առաջնորդարանէն ներս Նուպար Քիւփելեան շուրջ կէս դար եղած է իրերայաջորդ թեմակալ առաջնորդներու անմիջական գործակիցներէն։