ՌԷՅՔԱՒԻՔԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ռէյքաւիքի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի չորրորդ գագաթաժողովին, որու բացման արարողութեան մասնակցեցան աւելի քան չորս տասնեակ երկիրներու առաջնորդներ կամ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու ղեկավարներ։ Որպէս գագաթաժողովի տանտէրը՝ հաւաքի սկիզբին հիւրերը դիմաւորեց Իզլանտայի վարչապետ Քաթրին Եաքոպստոթթիր, որու կողքին էր նաեւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչ։

Արարողակարգային տեսալուսանկարահանման փուլէն վերջ տեղի ունեցաւ գագաթաժողովի բացման արարողութիւնը, որու ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, Անգլիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք, Իտալիոյ վարչապետ Ճորճա Մելոնի եւ այլք։

Յաջորդիւ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ՝ ժողովրդավարութեան նիւթով կազմակերպուած կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկումի մը։

Ռէյքաւիքի գագաթաժողովի աշխատանքները կը շարունակուին նաեւ այսօր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2023