«ԴՈՒՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԵՍ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ»

«Դուն ամէն ինչ ես ինծի համար». Քիմ Քարտաշեան շնորհաւորած է իր դստեր տարեդարձը։ Աշխարհահռչակ հայազգի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակած է իր դստեր հետ Հայաստանի մէջ լուսանկարուած լուսանկարը եւ շնորհաւորած է զայն ծննդեան կապակցութեամբ։

Քարտաշեան գրած է. «Իմ առջինեկ Նորտ, կը շնորհաւորեմ 7-ամեակդ: Չեմ կրնար հաւատալ, որ արդէն եօթ տարեկան ես: Զարմանալի է, թէ ինչ արագ կը թռչի ժամանակը»:

Ան աւելցուցած է, որ շատ կը սիրէ Նորտը եւ ան ամէն ինչ է իրեն համար, աւելին, քան երազելը։

Քիմ Քարտաշեան ու ռեփ երգիչ Քանյէ Ուեստ չորս երեխայ ունին՝ երկու աղջիկ, երկու տղայ: Անոնց առջինեկը Նորտ Ուեստն է, որուն ծնողները 2015 թուականի ապրիլին ան մկրտած են Երուսաղէմի 12-րդ դարու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020