ԳԱԳԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ, ԿԱՄ Ի՞ՆՉ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍԵԼ

Վաղը ճակատագրական օր է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին համար։ Անցնող ժամերուն տեղի ունեցած զարգացումները արդէն ցոյց տուին, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները վճռած են Ծառուկեան-գործօնը «խաղ»էն հանել եւ դանդաղ, սակայն հաստատուն քայլերով զերոյի հաւասարեցնել իր ամէն տեսակի եւ մակարդակի ազդեցութեան յենարանները։

Խնդիրը հիմա ո՛չ թէ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնն է, որ քանի մը օրուան ընթացքին կրնայ լուսանցքային քաղաքական ուժի մը վերածուիլ, այլեւ՝ հիմնական հարցը գործարարական բաւականին մեծ հնարաւորութիւններ ունեցող հանրայայտ գործիչի մը ուժգին եւ քայքայիչ հարուած տալն է։ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն հետեւող քանի մը վերլուծաբան համոզուած են, թէ Գագիկ Ծառուկեան վերջնականապէս կորսնցուց այս օրուան «քաղաքական խաղ»էն պատուով դուրս գալու բոլոր հնարաւորութիւնները ու յառաջիկայ օրերը այդ առումով ցոյց պիտի տան բաւական արժանահաւատ ապացոյցներ։

Այլ խօսք, որ վերջին շաբաթներուն, երբ նոյն Ծառուկեան հաւաքելով իր կուսակցութեան վերնախաւը, կը յայտարարէր, թէ ինք դէմ է այս կառավարութեան եւ քայլ մը անդին երթալով՝ կը հաւաստիացնէր, թէ ինք պիտի քալէ մինչեւ վերջ... Անշուշտ, այստեղ ընդհանուր պատկերը ամբողջացնելու համար մեզի կը պակսին կարեւոր տուեալներ, որոնց օգտագործումով պիտի կարողանանք իսկապէս հասկնալ, թէ ի՛նչ հիմքեր ունենալով Ծառուկեան կը հատէր բոլոր յայտնի եւ անյայտ կարմիր գիծերը եւ ասպարէզ կը կարդար «Թաւշեայ կառավարութեան»։ Ծառուկեան այդ քայլին դիմելու ժամանակ կը գիտակցէ՞ր, թէ գետնի վրայ հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը շարունակէ մնալ Փաշինեանի կողքին։ Այո՛, շատ լաւ կը գիտակցէր։

Ան կը հասկնա՞ր, թէ ներկայ իշխանութիւններուն ուղղութեամբ «կրակ բանալ»ը շատ անշնորհակալ գործ մը պիտի ըլլայ՝ հաշուի առնելով, որ այսօր Հայաստանի մէջ կառավարութեան դէմ խօսող ոեւէ մէկը կը համարուի նախկին իշխանութիւններուն (Քոչարեան-Սարգսեան) դաշնակիցն ու նոյնիսկ կամակատարը։ Անշուշտ, թէ կը հասկնար... Սակայն, ըստ երեւոյթին, որոշ կարեւոր վստահեցումներ ունէր Ծառուկեան, որ իր ճամբայ ելլելէն ետք առանձինն պիտի չմնայ եւ բոլոր անոնք, որոնք դէմ էին Փաշինեանին ու անոր վարչախումբին, արագօրէն պիտի բոլորուէին իր շուրջ եւ ձեւաւորէին քաղաքական նոր դաշինք մը։ Սակայն այսօր աւելի քան բացայայտ է, թէ այդ արագ տեղաշարժը եւ «մոպիլիզասիոն»ը, այլ խօսքով «քաղաքական զօրաշարժ»ը տեղի չունեցաւ եւ տեղի պիտի չունենայ։ Որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, Ծառուկեանը ոտքի հանելու փորձ կատարողները (շատ հաւանաբար Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող ուժեր) բաւարար ներուժը չունին ի մի խմբելու Հայաստանի երկրորդ, երրորդ եւ նոյնիսկ չորրորդ մակարդակի վրայ գտնուող քաղաքական ուժերը, որոնց գլխաւոր ղեկավարներէն մին կը գտնուի բանտի ճաղերու ետին (Ռոպերթ Քոչարեան), իսկ միւս ղեկավարը՝ Սերժ Սարգսեան՝ հակառակ զանազան առիթներով հնչեցուցած խոստումներուն, ինչ-ինչ պատճառներով կը շարունակէ պահել իր լռութիւնը։

Այս իրավիճակին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Ծառուկեան եւ իր խմբակիցները (ոչ-գաղափարակիցները, որովհետեւ Ծառուկեանի կուսակցութիւնը բոլորուած է անոր անձին շուրջ, ուր կը բացակայի գաղափարն ու քաղաքական տեսակէտը) պատրաստ չեն գործակցելու ոչ ոքի հետ, յաճախ մէջտեղ նետելով այն վարկածը, թէ իրենց համար ստորնացնող է, այսպէս կոչուած՝ «նախկիններու»ն հետ համագործակցիլ կամ անոնց հետ ըլլալ նոյն «վակոն»ին մէջ։

Հոս եւս երեւան կու գայ աւելորդ եւ նոյնիսկ փուճ ինքնավստահութեան մը համայնապատկերը, որովհետեւ Ծառուկեանի խմբակիցները շատ արագ կ՚ուրանան, թէ ուրկէ կը սեռի իրենց «պաշտած» առաջնորդն ու ղեկավարը։

Այս մօտեցումը անշուշտ նորութիւն մը չէ Հայաստանի կամ Հայաստանի նման երկիրներու պարագային, ուր քաղաքական կեանքի մէջ լծակ հանդիսացող կամ դերակատար անհատներու գերակայութիւնը աւելի վեր է, քան գաղափարական հայեացքն ու մօտեցումները եւ սա արդէն ինքնին մեծ ողբերգութիւն է։

Ինչ կը վերաբերի յառաջիկային տեղի ունենալիք զարգացումներուն, ապա աւելի քան յստակ է, որ Ծառուկեան պիտի առաջնորդուի դէպի բանտաճաղեր ու շատ հաւանական է, որ եթէ անոր աջակիցները խելացի քայլեր չառնեն եւ չկարողանան երկրին մէջ ցնցող խօսք մը ըսել կամ գործողութիւններու անցնիլ՝ ի վերջոյ «Ծառուկեան երեւոյթ»ը պիտի մարի եւ նոյնիսկ շատ արագ ալ մոռցուի անոնց կողմէ, որոնք երկար տարիներ օգտագործած են Ծառուկեանի կողմէ իրենց առջեւ դրուած «կերակրատաշտ»երը։

Գալով իշխանութեան, որ այս գրոհը կ՚իրականացնէ բաւական բարդ եւ սխալ ժամանակի մը մէջ… Յուսալի է, որ իշխանութիւնները պիտի կարողանան այս ընթացքով առնուազն դրական քայլ մը կատարել եւ կտրուկ ու արագ ձեւով վերջ տալ «օլիկարխիա-դրամ-քաղաքական ուժ» եռեակին՝ նոյնիսկ քայքայելու, որովհետեւ դրամի ուժով քաղաքական կամք եւ ներկայութիւն դարձած որեւէ անգաղափար ուժ վնասակար եւ վտանգաւոր է Հայաստանի համար։

Այլ խօսք, որ անբարոյական վիճակ մը պիտի ստեղծուի, եթէ իշխանութիւնները յետին նպատակներով գործարքի երթան նոյն Ծառուկեանին հետ եւ ամենաթողութեան լայն շերտով մը փակեն ու մոռցնել տան Ծառուկեանի եւ անոր պատկանած ընկերութիւններուն կողմէ մինչեւ հիմա կատարուած փաստացի խախտումները, յանցանքներն ու պետութեան հասցուցած վնասները։

Յառաջիկայ օրերը շատ կարեւոր են Հայաստանի համար։ Կարեւոր է նաեւ, որ այս բոլորը կատարուին առանց մեծ ցնցումներու՝ այս շրջանին, երբ երեւանցի ժողովուրդին համար քորոնայի դէմ պայքարը կամաց-կամաց կը ստանայ մահ ու կենաց բնոյթ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2020