ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ERVAB)։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Աթոռի աղբիւրները այս տեսակցութեան մասին որեւէ հաղորդում չեն կատարած։ Մեր համապատասխան լսումներու հիման վրայ այս կապակցութեամբ դիմեցինք Պետրոս Շիրինօղլուին, որ մեզի յայտնեց, թէ համայնքային օրակարգի ընթացիկ նիւթերուն շուրջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը։ «Ես պարզեցի շարք մը հրատապ հարցերու շուրջ իմ մօտեցումները», ըսաւ Շիրինօղլու՝ առանց խորանալու յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Պատրիարքարանի եւ Շիրինօղլուի միջեւ ծագած էր լուրջ բանավէճ մը, որու պայմաններուն ներքեւ կատարուած էին բուռն հրապարակումներ եւ հասցէագրուած՝ փոխադարձ մեղադրանքներ։ Ըստ երեւոյթին, այդ բոլորէն վերջ առաջին անգամ շփում մը տեղի ունեցած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021