ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԹՐԱՄՓ ԵՐԷԿ ՈՒՆԵՑԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ մատնանշեցին՝ քանի մը օր առաջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի ընթացքին արծարծուած խնդիրներու նկատմամբ հետեւողականութիւնը։

Սուրիոյ իրադարձութիւններու ամբողջին մէջ երկու նախագահները կանգ առին Մենպիչի պարագային որդեգրուած ճանապարհային հասարակաց քարտէսի գործադրութեան կարեւորութեան վրայ։ Անոնք շեշտեցին նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման ուղղութեամբ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ արդարադատական խնդիրներու շուրջ համագործակցութեան եւ անդրադարձան երկու նախագահները եւ վերահաստատեցին իրենց համապատասխան վճռակամութիւնը։

Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ժամկէտով մը։ Արդարեւ, Տանըլտ Թրամփ երէկ Հելսինքիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Թրամփի Էրտողանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը զուգադիպեցաւ այդ հանդիպման ճիշդ նախորդող ժամերուն։ Նոյնիսկ, Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազը-րոյցի ընթացքին Հելսինքիի հանդիպումը եկաւ օրակարգի վրայ։ Էրտողան յաջողութիւն մաղթեց երկու նախագահներու հանդիպման համար։ Նախագահը արտայայտեց այն համոզումը, որ Թրամփ-Փութին հանդիպումը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։

CNN Türk հաղորդումներով, Տանըլտ Թրամփ եւ Վլատիմիր Փութին երէկ Հելսինքիի մէջ ունեցան երկարատեւ զրոյց մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Մոսկուա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու խնդրայարոյց բոլոր երեսակները։ Հանդիպումէն վերջ երկու նախագահները հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը, որու ընթացքին արտայայտեցին այն համոզումը, թէ երկկողմանի համագործակցութիւնը պէտք է շարունակուի լայն ծիրի մը մէջ։ Յատկապէս կանգ առին Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։ Թրամփ եւ Փութին շեշտեցին, որ երկրէ ներս խաղաղութեան հաստատուիլը ու երկրի վերակառուցումը իրենց համագործակցութեան առարկաները կրնան դառնալ։ Արդարեւ, Ռուսաստան եւ ԱՄՆ կրնան շինիչ համագործակցութիւն ծաւալել եւ այս խնդրի պարագային ղեկավարի դեր ստանձնել։

Երկու նախագահները բացայայտօրէն խոստովանեցան, որ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս կան լուրջ խնդիրներ։ Անոնք պատ-րաստակամութիւն յայտնեցին դրական ոգիով այդ խըն-դիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ աշխատելու։

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018