ԹՈՒՐՔԻԱ ՀՈՐԱՏՄԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՆԱՒ ՄԸՆ ԱԼ ՊԻՏԻ ՈՒՂԱՐԿԷ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ

Թուրքիա կը պատրաստուի հորատման չորրորդ նաւ մըն ալ ուղարկել դէպի Միջերկրականի արեւելքը։ Ինչպէս ծանօթ է, ի պատասխան Յունական Կիպրոսի նախաձեռնութիւններուն՝ Թուրքիա վերջերս քարիւղի որոնման աշխատանքներու ձեռնարկած է Միջերկրականի արեւելքին, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ համախոհութեամբ։ Թրքական կողմի այս քայլերը որոշ հակազդեցութիւն յառաջացուցած են միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Նախընթաց օր Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները որոշած էին Անգարայի դէմ պատժամիջոցներ սահմանել այս հարցին բերումով։ Ներկայիս թրքական կողմը բուռն ձեւով կ՚արձագանգէ ԵՄ-ի դիրքորոշման։ Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ պէտք չէ այդքան ալ լուրջ վերաբերմունք ցուցաբերել ԵՄ-ի այդ որոշման նկատմամբ։ «Այս բոլորը պարզ բաներ են, չեն կրնար ազդեցութիւն գործել մեր վրայ։ Իրենք ալ գիտեն, թէ իրենց իսկ առած որոշումը անգործադրելի է», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ ԵՄ-ի որոշումը առնուած է Յունական Կիպրոսը գոհացնելու համար, Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի ճնշման ներքեւ։

Նախարար Չավուշօղլու աւելցուց նաեւ, որ եթէ Թուրքիոյ դէմ նման որոշումներ առնուին, ապա ներկայիս ձեռնարկուած աշխատանքները նոր ծաւալ կը ստանան։ Թուրքիա ներկայիս երեք հորատման նաւ աշխատանքի լծած է Միջերկրականի արեւելքին եւ հիմա ալ պիտի ուղարկէ չորրորդը։

Միւս կողմէ, երէկ, ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ալ անդրադարձաւ այս հարցին։ Ան մերժելի համարեց ԵՄ-ի կողմէ Թուրքիոյ դէմ ընդունուած պատժամիջոցներու վերաբերեալ որոշումը։ Ան շեշտեց, որ իրենք մինչեւ վերջ պիտի պաշտպանեն Թուրքիոյ՝ Արեւելեան Միջերկրականի իրաւունքները։ «Որքան ատեն, որ Եւրոմիութիւնը չհրաժարի Թուրքիոյ դէմ որդեգրած կրկնակի չափանիշներէն, այնքան ատեն արժէք մը պիտի չներկայացնէ այս հողերուն վրայ», ըսաւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետը։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019