ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Հայ ժողովուրդը այս տարի կը նշէ իր շարք մը մեծերու յոբելեանները։ Այդ ամբողջին մէջ կ՚առանձնանան մեծն Կոմիտաս Վարդապետի եւ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակները։ Այս կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր համերգ մը։ Այսպէս, Գառնիի մէջ հանդէս եկան Հայաստանի յառաջատար երեք երաժշտախումբերը։ Սա իսկապէս պատմական եւ անմոռանալի ձեռնարկ մըն էր, որով արժեւորուեցան Կոմիտասի եւ Թումանեանի յոբելեանները։

Երեկոյթին մասնակցութիւն բերին Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը (գեղարուեստական ղեկավար՝ Վահան Մարտիրոսեան), Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար՝ Ռոպերթ Մլքէեան) եւ «Հովեր» Պետական սենեկային երգչախումբը (գեղարուեստական ղեկավար՝ Սօնա Յովհաննիսեան)։

Համերգի մեկնարկը ազդարարուեցաւ Կոմիտասի ձայնով։ Առաջին բաժինը ձօնուած էր Կոմիտասին եւ այս բաժինը ղեկավարեց Ռոպերթ Մլքէեան։ Երկրորդ բաժինը ձօնուած էր Թումանեանին եւ այս բաժինն ալ ղեկավարեց Վահան Մարտիրոսեան։ Գառնիի մեհեանը լուսաւորուած էր շատ խորհրդաւոր ձեւով։ Անոր երկու կողմերուն զետեղուած մեծադիր պաստառներուն վրայ Կոմիտասի եւ Թումանեանի վերաբերեալ ինքնատիպ տեսաշար մը մատուցուեցաւ համերգի մասնակիցներուն։ Այնտեղ ներկայացուած նիւթերու մեծամասնութիւնը առաջին անգամ կը ներկայացուէր։ Սա Կոմիտասի եւ Թումանեանի 150-ամեակներուն ձօնուած տարուայ ամենամեծ ձեռնարկներէն մին էր։

Համերգը կազմակերպուած էր Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019