ԱԼԵՔՍԻ ԿԷՕՎՃԵԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ
Ֆրանսայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքներու հիման վրայ պաշտօն ստանձնած է ֆրանսահայ համայնքի յայտնի դէմքերէն Ալեքսի Կէօվճեան, որ նախկին պոլսահայ մըն է։ «Նոր Յառաջ»ի հաղորդումներով, Փարիզի 9-րդ թաղամասի վերընտրուած քաղաքապետուհի Տելֆին Պիւրքլիի ցանկով ինք եւս վերընտրուած Ալեքսի Կէօվճեան (CCAF-ի նախկին նախագահ), որ անցեալին քաղաքապետուհիի Ա. կցորդն էր, ներկայիս ընտրուած է Փարիզի քաղաքապետարանի խորհրդական։
Կէօվճեան պատասխանատու պիտի ըլլայ Յիշողութեան, նախկին ռազմիկներու աշխարհին, միջնորդութեան, կրօնական հիմնարկներու հետ կապերու, նոր բնակիչներու ընդունելութեան, բարեկամութեան ուխտերու հետապնդման եւ Եւրոպայի վերաբերեալ հարցերու։
Նշենք, որ Փարիզի քաղաքապետարանի խորհրդականի պաշտօնին ընտրուած էր նաեւ Անոյշ Թորանեան։
Նախկին պոլսահայ Ալեքսի Կէօվճեան Մխիթարեան վարժարանի սաներէն է։ Ան 1970-ական թուականներուն հաստատուած է Ֆրանսա։ Ֆրանսահայ համայնքային կեանքէ ներս ծաւալած է աշխոյժ գործունէութիւն։ Ֆրանսական քաղաքական կեանքին ալ ներգրաւուած է՝ նախկին նախագահներէն Ժաք Շիրաքի եւ Նիքոլա Սարքոզիի պաշտօնավարութեան տարիներէն սկսեալ։ Կուսակցական գործունէութեան զուգահեռ, վերջին շրջաններուն ընտրուած պաշտօն կը զբաղեցնէ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն ներս։