ԱՊԱՀՈՎ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ…
Փարիզի շարժանկարի սրահներէն մին հանդիսատեսներու միջեւ ընկերային հեռաւորութիւնը կը պահպանէ մինիոններու օգնութեամբ։
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ աստիճանաբար կը ջնջեն կամ կը մեղմացնեն քորոնաժահրի համավարակի պատճառով սահմանուած սահմանափակումները: Միեւնոյն ժամանակ ընկերային հեռաւորութիւնը պարտադիր նախապայման է՝ անվտանգութեան միջոցառումներու շարքին։
Ֆրանսայի մէջ վերաբացուած են շարժանկարի սրահներ, որպէսզի այցելուները իրարու չափազանց մօտ չնստին, սրահներէն մէկուն տնօրէնութիւնը որոշած է դիմել յայտնի ծաղրանկարի հերոսներու՝ մինիոններու օգնութեան:
Այս մէկը կը վերաբերի Փարիզի հարաւը գտնուող MK2 շարժանկարի սրահին: Սրահներուն մէջ փափուկ մինիոնները նստատեղերուն այնպէս դասաւորուած են, որ մարդիկ շարժանկար դիտելու ժամանակ կը գտնուին իրարմէ ապահով հեռաւորութեան վրայ:
Մինիոնները ոչ միայն անվտանգ միջավայր կը ստեղծեն, այլեւ իրենց ներկայութեամբ աւելի ուրախ կը դարձնեն մթնոլորտը: