ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԿԸ ԲՆՈՐՈՇԷ ԶԳՈՒՇՈՒԹԻՒՆԸ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ սա երրորդ օրն է, որ Թուրքիոյ մէջ նոր վարակեալներու թիւը հազարի շեմէն վար իջած է։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 42 հազար 411 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 933 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին համաճարակի զոհ գացած է եւս 21 հիւանդ, իսկ առողջացածներու թիւը եղած է 1087։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտնեց, որ կատարուած քննութիւններու եւ ստուգուած նոր վարակեալներու թիւի յարաբերակցութիւնը ուղիղ համեմատութեան մէջ չէ։ Ուստի, քննութիւններու թիւը կը տարբերի ըստ կարիքի։ «Նախազգուշական միջոցները կը բնորոշեն արդիւնքը», ըսաւ նախարարը։

Մինչ այդ, երկրի օրակարգին վրայ է, թէ իսլամական աշխարհի մօտալուտ «Քուրպան»ի տօնի շրջանին ինչպիսի մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուի երկրէն ներս՝ համաճարակի դէմ պայքարի տեսանկիւնէն։ Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայ Գիտական խորհուրդի մասնագէտները այս փուլին հանդէս կու գան զգուշացումներով։ Ըստ իրենց, տօնական շնորհաւորութիւնները պէտք է բացօթեայ միջավայրերու մէջ կատարուին ու պէտք է տեւեն կարճ։ Մասնագէտները կը նախատեսեն, որ Թուրքիա սեպտեմբեր ամսուան մուտք պէտք է գործէ նոր վարակեալներու հնարաւորինս նուազ թիւով։

 Արդարեւ, սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր ամիսները կը համարուին ռիսքային, ուստի նպատակայարմար է, որ երկիրը այդ ժամանակաշրջանը թեւակոխէ հնարաւորինս դրական կացութիւնով։

Մինչ այդ, ընդհանրապէս աշխարհի մէջ քորոնաժահրի նոր վարակեալներու թիւը կը շարունակէ աճիլ։ Ըստ վերջին տուեալներուն, երկրագունդի վրայ ցայսօր քորոնաժահրով վարակուած է աւելի քան 13 միլիոն 949 հազար հոգի։

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020