ՀԱՍԿՆԱԼ ԸՆՏԱՆԻ ԿԵՆԴԱՆԻԵՐԸ…

Մօտաւոր ապագային հնարաւոր կ՚ըլլայ կարդալ կենդանիներու միտքերը։

Ճաբոնցի մասնագէտներ կը մշակեն ելեկտրոնային սարքաւորում մը, որ հնարաւորութիւն կու տայ խօսքի վերածելու ընտանի կենդանիներու միտքերը եւ զանոնք աւելի լաւ հասկնալու։

Ճաբոնի մէջ կայ «Սպիտակ գիրք» կոչուած գիտական հատոր մը, ուր կը ներկայացուին գիտութեան ապագայ նուաճումները՝ յառաջիկայ քսան տարիներու ընթացքին։ «Սպիտակ գիրք»ին մէջ կ՚ըսուի, որ շուտով մարդիկ լրիւ կը հասկնան իրենց կենդանիները: Մասնագէտները պարզաբանած են, որ կը մշակեն նեարդահամակարգչային ներքին կերպարանք:

«Մեքենան ուղեղը կը միացնէ մագնիսա-ռեզոնանսային թոմոկրաֆի սարքին՝ արհեստական մտածողութեան, որ կը փոխանցէ խուլ ու համրերու միտքերը», յայտնած են փորձագէտները:

Այդ սարքը կ՚օգնէ ոչ միայն խուլ ու համրերու եւ կենդանիներու տէրերուն, այլեւ՝ հնարաւորութիւն կու տայ միտքեր փոխանակելու հեռաւորութեան վրայ։ Ան իր հերթին մեծ օգտակարութիւն կ՚ունենայ այն հաշմանդամներուն, որոնք կաթուածահար են կամ դժուարութեամբ կը տեղաշարժուին:

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020