ՆՈՐԱՐԱՐ ՀԵԾԱՆԻՒ

Միացեալ Նահանգներու մէջ 3D տպիչի օգնութեամբ եզակի հեծանիւ ստեղծած են։ Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգին մէջ Superstrata ընկերութիւնը ներկայացուցած է 3D տպագրութեան միջոցով ստեղծուած Ion ելեկտրական հեծանիւը:

Ելեկտրահեծանիւի հեղինակները աւելի առաջ արդէն ստեղծած էին նման հեծանիւներ: Սակայն այս նորարարութիւնը առաջին անգամ աշխարհի մէջ միաւորած է ելեկտրաշարժիչ, 3D տպիչով ստեղծուած հեծանիւն ու անոր համար ածխածինային մանրաթելի օգտագործումը:

Superstrata Ion ձեւը համալրուած է մինչեւ 350 քիլօվաթ/ժամ հզօրութեամբ մարտկոցով: Այս հեծանիւը կրնայ 56 քիլօմեթր տարածութիւն կտրել՝ առանց վերալիցքաւորման եւ 25 քիլօմեթր/ժամ արագութեամբ:

Հեծանիւի ծանրութիւնը կը կազմէ 11 քիլօկրամ, իսկ արժէքը՝ 3.999 ամերիկեան տոլար է: Այս նորարար հեծանիւը շուկայի վրայ պիտի ըլլայ 2020 թուականի դեկտեմբերին։

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020