ՓՈՔՐԻԿ ԲԱԶԷ

Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի Սաքրամենթօ քաղաքի երկու տարեկան բնակիչը ուշադրութեան արժանացած է «սքէյթպորտինկ»ի իր ունակութիւններով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Մէյլ» պարբերականը։

Փոքրիկի անունը Պորտի Ալեքսանտր է, սակայն իր իւրօրինակ ունակութիւններու շնորհիւ բազմաթիւներ զայն կոչած են «փոքրիկ բազէ»։ Երեխայի ծնողները՝ Շէյն Տիլինճըր եւ Ալեքսանտրա Հոփկինզ, ամիսներ առաջ՝ քորոնաժահրի մեկուսացման ընթացքին իրենց փոքրիկին սորվեցուցած են «սքէյթպորտ» վարել։ Անոնք ապշած են իրենց երեխայի ունակութիւններով։

Աւելի վերջ ծնողները սկսած են տեսանիւթեր նկարել եւ զանոնք տեղադրել՝ TikTok եւ Instagram ընկերային ցանցերու վրայ։ Տեսանիւթերը կարճ ժամանակի ընթացքին մեծ տարածում գտած են առցանց հարթակներու վրայ։

Ըստ երեխայի ծնողներուն՝ Պորտիի վարելու ընթացքին հետեւիլը լարուածութիւն կը յառաջացնէ իրենց մօտ, սակայն անոնք կը հիանան իրենց զաւկի ունակութիւններով։ Իսկ ձմրան անոնք կը ծրագրեն անոր «սնոուպորտինկ» սորվեցնել։

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020