ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ե­րէկ, Ժը­նե­ւի մէջ, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Սու­րիոյ տագ­նա­պի գծով Մ­­ԱԿ-ի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սթե­ֆան Տէ Միս­թու­րա­յի հետ։ Հան­դիպ­ման մաս­նակ­ցե­ցան Տէ Միս­թու­րա­յի եր­կու գլխա­ւոր օգ­նա­կան­նե­րը, իսկ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի կող­քին ներ­կայ էին կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ Տ. Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեան եւ Ժը­նե­ւի մէջ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թե­նի Սի­մո­նեան։

Հան­դի­պու­մը տե­ւեց ա­ւե­լի քան ժամ մը, ո­րու ըն­թաց­քին Տէ Միս­թու­րա ընդ­հա­նուր գի­ծե­րով ներ­կա­յա­ցուց Սու­րիոյ տագ­նա­պի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը՝ թէ՛ շրջա­նա­յին եւ թէ՛ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս շեշ­տեց սու­րիա­կան տագ­նա­պին շու­տա­փոյթ լու­ծում տա­լու հրա­մա­յա­կա­նը, որ կա­րե­լի է ի­րա­գոր­ծել շրջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին ու­ժե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւն ըն­ծա­յող աղ­բիւր­նե­րը փա­կե­լով։

Ա­պա, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Տէ Միս­թու­րա­յի հետ տե­ղի ու­նե­ցած ա­ռան­ձին եւ մտեր­միկ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գէ­տը յոյս յայտ­նեց, թէ ո­րոշ դրա­կան զար­գա­ցում­ներ կրնան յատ­կա­պէս Հա­լէ­պի տագ­նա­պը լուծ­ման ա­ռաջ­նոր­դել։

Միւս կող­մէ, Նո­րին Սրբու­թեան եւ Տէ Միս­թու­րա­յի հետ հան­դի­պում մը կա­յա­ցած էր տա­րի մը ա­ռաջ Ա­թէն­քի մէջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016