ՖԵՐԻՏՈՒՆ ՍԻՆԻՐԼԻՕՂԼՈՒ ՊԱՇՏՕՆԻ ԿԸ ՁԵՌՆԱՐԿԷ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու նշանակուեցաւ ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ։ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կատարուած նշանակումներուն վերաբերեալ որոշմնագիրը հրատարակուեցաւ պաշտօնաթերթին մէջ։ Այսպէս, դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու յառաջիկայ շրջանին պիտի գործուղղուի Նիւ Եորք՝ որպէս Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչը ՄԱԿ-ի մօտ։
Ծանօթ է, որ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու շատ փորձառու դիւանագէտ մըն է։ Մօտաւորապէս տասնամեակէ մը ի վեր Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւն տուած դէմքերէն մին եղած է ան։ Վերջին տարիներուն բաւական երկար շրջան մը ան եղաւ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատուն։ Անցեալ տարի, Յունիսին եւ Նոյեմբերին տեղի ունեցած երկու ընտրութիւններու միջանկեալ շրջանին, երբ ժամանակաւոր նախարարաց խորհուրդ մը ստեղծուած էր երկրէն ներս, այդ կառավարութեան կազմին մէջ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու նշանակուած էր արտաքին գործոց նախարար։